2012-11-12 12:37:51

Միջկրօնական Քահանայապետական Խորհուրդի Պատգամը Ինտուներու Տիվալ` Լոյսի Տօնին Առթիւ։


Միջկրօնական Քահանայապետական խորհուրդը Տիվալի տօնին առթիւ պատգամ մը ուղղած է ինտու հաւատացեալներուն հրաւիրելով դաստիարակութեան պատասխանատուները խաղաղութեան դաստիարակելու նոր սերունդը։
''Կ'ապրինք ժամանակաշրջանի մը մէջ, ուր ժխտական տարբեր ոյժեր կը սպառնան կարգ մը երկիրներու ու ժողովուրդներու խաղաղ համակեցութեան արդար ձգտումին'' կը կարդանք պատգամին մէջ։
Պատգամը մասնաւորապէս կ'ընդգծէ հարկաւորութիւնը դաստիարակելու նոր սերունդը, էական արժէքներու եւ զանոնք դարձնելու ընկերութեան խաղարարները։
Միջկրօնական քահանայապետական խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Թոռան` պատգամին մէջ կը մատնանշէ որ մշակոյթներու զանազանութիւնը ընկերութեան մէջ պէտք է նկատել հարստութիւն եւ ոչ թէ սպառնալիք։
Նշենք որ Տիվալի` լոյսի տօնը Ինտու աւանդութեան համաձայն հինգ օր կը տեւէ։ Ինտու աւանդութեան ամէնահին ու կարեւորագոյն տօնն է։Ամէն տարի կը յիշատակուի ամենամութ ամիսներու մէջ` հոկտեմբեր-նոյեմբեր ամիսներու մէջ կախում ունի լիալուսինի հետ։
Անով կը յիշատակուի բարիի յաղթանակը չարին վրայ, կեանքինը` մահուան, լոյսինը` խաւարին վրայ եւ ճշմարտութիւնը սուտին վրայ։ Այդ առթիւ տուները լուսաւոր կը մնան վտարելու համար գիշերային խաւարը։ Այդ տօնակատարութեամբ սկիզբ կ'առնէ ամանորը։ Տվալի տօնախմբութիւնները սկիզբ կ'առնեն 13 նոյեմբերին ։








All the contents on this site are copyrighted ©.